Գոյութիւն ունի մարտական հերթապահութիւն եւ գոյութիւն ունի պաշտպանական խնդիրներու իրականացում, ատոնք քիչ մը տարբեր են: Այս մասին այսօր՝ 12 ապրիլին, Ազգային Ժողովէն ներս լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ յայտնած է «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեանը՝ անդրադառնալով Տեղ գիւղի հարեւանութեամբ ապրիլ 11-ին արձանագրուած ռազմական միջադէպին:
«Բայց միեւնոյնն է, իւրաքանչիւր գործողութեան իրականացման շրջանակներում էլ գոյութիւն ունեն նախազգուշացնող, նաեւ ժամանակաւոր կահաւորուածութիւն պահանջող ինժեներական սարքաւորումներ ստեղծելու հնարաւորութիւններ, կան ականապայթիւնային եւ ոչ ականապայթիւնային ինժեներական սարքաւորումներ:
Տուեալ ժամանակահատուածում ճանապարհների վրայ պէտք է լինեն շարժական որոշակի լարային արգելափակոցներ: Օրինակ, Երեւանում անհրաժեշտութեան դէպքում փողոցները փակելու, արագ արգելափակոցների ստեղծելու հնարաւորութիւններ ունի նոյնիսկ պարեկային ծառայութիւնը:
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը, Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը, բացի նախազգուշացնող կրակոցներից, նրանք կարող էին ճանապարհին ժամանակաւոր լարային արգելափակոց տեղադրել, որի տեղադրումը րոպէների խնդիր է»,-ըսած է Սէյրան Օհանեանը:
Անոր խօսքով, այդ կը կանգնեցնէր ատրպէյճանցիները, անոնք չէին մօտենար մեր դիրքերուն. «Եթէ իրենց մեքենան կանգնեցնէր, մեր զինուորականներն արդէն կը մտնէին խրամատներն, աւելի անվտանգ կը լինէին, իսկ 1-2 հոգի կը բանակցէին, մնացածն իրենց նշանառութեան, դիտարկման տակ կը վերցնէին հակառակորդի զինծառայողներին»,-ըսած է ան՝ կարծիք յայտնելով, որ միջադէպը կանխել հնարաւոր էր:
Օհանեանը Հայաստանի իշխանութեան խորհուրդ տուած է լուրջ հետեւութիւններ ընել ու կազմակերպել պաշտպանութիւնը, սահմաններու ճարտարապետական կահաւորումը եւ մնացած բոլոր անվտանգային խնդիրները: