image
Հրատապ լուրեր:

Սէվիմ Տաղտէլէն կը պահանջէ արգիլել Էրտողանի Գերմանիա Մուտքը

Սէվիմ Տաղտէլէն  կը պահանջէ  արգիլել Էրտողանի Գերմանիա Մուտքը

Գերմանիոյ խորհրդարանի   հայանպաստ բանաձեւէն   ասդին    երեւելի դարձած  Գերմանիա-Թուրքիա լարուածութիւնը կը շարունակուի: Գերմանական Deutsche Welle կայանին հաղորդմամբ գերմանացի պատգամաւոր Սեվիմ Տաղտէլէն  կոչ ըրած է արգիլել  Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Էրտողանի մուտքը Գերմանիա: Պատգամաւորը նման կոչով հանդէս եկած է Պունտեսթակի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին յաջորդած մահուան սպառնալիքներէն ետք: Տաղտէլէն կը պահանջէ, որ Գերմանիա մուտքը արգիլուի բոլոր անոնց (ներառեալ Էրտողանին) համար, որոնք կը սպառնան Պունտեսթակի անդամներուն: Յիշեցնենք, որ Գերմանիոյ խորհրդարանի ծագումով թուրք 11 անդամները մահուան սպառնալիքներ ստացած են  եւ Գերմանիոյ ոստիկանութիւնը իր պաշտպանութեան տակ առած է զիրենք։