Լոս Անճելըս հրապարակուող «Մասիս»էն վերահասու դարձանք, որ օրերս տեղի ունեցած է Արեւմտեան շրջանի առումով կարեւոր ներկայութիւն հանդիսացող ՍԴՀԿ-ի Արեւմտեան Շրջանի Պատգմաւաորական ժողովը, որու աւարտին ալ ժողովականները ընտրած են նոր Վարիչ Մարմին մը։
Կը նշուի, որ նոր Վարիչ Մարմնի ատենապետութիւնը ստանձնած է կուսակցութեան փորձառու եւ յարգուած ներկայացուցիչներէն Տիար Վազգէն Խոտանեանը։
Ստորեւ կը ներկայացնենք «Մասիս»ի էջերով տրուած լրատւութիւնը։
Նոյեմբեր 6-ին կայացաւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի 21-րդ պատգամաւորական ժողովը` մասնակցութեամբ Կուսակցութեան տարբեր մասնաճիւղերը ներկայացնող պատգամաւորներու:
Ժողովի բացումը կատարուեցաւ Կուսակցութեան քայլերգի` «Հեռաւոր Երկիր»-ի երգեցողութեամբ, որմէ ետք ներկաները յոտնկայս յարգեցին յիշատակը` վերջին տարիներուն կեանքէն հեռացած ընկեր ընկերուհիներուն եւ Սեպտեմբերեան պատերազմի ընթացքին զոհուած Հայ զինուորներուն:
Ժողովի սկզբնաւորութեան ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան ողջոյնի խօսքը փոխանցեց ու յաջողութիւն մաղթեց փոխ-ատենապետ Ընկ. Խաչիկ Քէշիշեան:
Անցնելով իր աշխատանքներուն ժողովը քննարկեց կուսակցութեան ներքին կազմակերպչական հարցերը, որոնց նկատմամբ առաւ համապատասխան որոշումներ:
Քննարկուեցաւ Կուսակցութեան մամուլի զարգացման ու աւելի լայն հասարակութեան հասցնելու կարեւորութիւնը ու այդ ուղղութեամբ առնուելիք քայլերը:
Պատգամաւորները բարձր գնահատեցին վերջերս Երեւանի մէջ կայացած ՍԴՀԿ 22-րդ Համագումարի յաջող կայացումը ու արձանագրուած արդիւնքները:
Քննարկուեցան գաղութային տարբեր հարցեր, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Արցախի ներկայ իրավիճակները: Ժողովականները դրական գնահատեցին ՍԴՀԿ դիրքորոշումը` Հայրենի ժողովուրդին կողմէ ընտրուած իշխանութիւններուն հետ համագործակցութիւնը:
Ժողովի վերջին օրակարգով տեղի ունեցաւ նոր Վարիչ Մարմինի ընտրութիւնը` հետեւեալ կազմով`
Վազգէն Խոտանեան ատենապետ
Միհրան Խաչատուրեան փոխ-ատենապետ
Լենա Մանուկեան քարտուղար
Վահէ Աջապահեան
Կարինէ Տեփոյեան
Ռուբէն Մուղալեան
Յակոբ Աճէմեան
Գրիգոր Մոլոյեան
Հէրի Ունել
Լուսանկարին մէջ՝ ձախէն աջ՝ ՍԴՀԿ Հայաստանի մարմնի աշխոյժ ներկայացուցիչներէն՝ Վարազդատ Եղիազարեան ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներէն՝ Խաչիկ Շահինեան եւ Արեւմտեան Շրջանի Վարիչ Մարմնի ներկայացուցիչ՝ Վազգէն Խոտանեան։