Վլատիմիր Վարդանեան ընտրուած է Սահմանադրական դատարանի նախագահ։
Ազգային ժողովին մէջ կատարուած փակ քուէարկութեան արդիւնքով՝ Վլատիմիր Վարդանեանի թեկնածութեան ի նպաստ քուէարկած է 67 երեսփոխան, դէմ՝ ոչ մէկը։
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը Վլատիմիր Վարդանեանի թեկնածութիւնն առաջարկած էր Սահմանադրական դատարանի դատաւորի պաշտօնին համար։
Վլատիմիր Վարդանեան 2018-2026 թուականներուն եղած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան անդամ, իսկ 2019-2021 թուականներուն՝ Ազգային ժողովի երեսփոխան՝ «Իմ քայլը» կուսակցութիւններու դաշինքի համապետական ընտրական ցուցակով։ Ան եղած է նաեւ Ազգային ժողովի Պետական-իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահը։ 2021 թուականի Յունիս 20-ին, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան համապետական ընտրական ցուցակով ընտրուած է Ազգային ժողովի երեսփոխան։
Աւելի վաղ Վլատիմիր Վարդանեան յայտնած էր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեան պահանջներուն համաձայն՝ դադրեցուցած է իր անդամակցութիւնը «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան, իսկ Սահմանադրական դատարանի դատաւորի պաշտօնին ընտրուելու պարագային պիտի դադրեցնէ նաեւ իր խորհրդարանական գործունէութիւնը։