image

Սահմանազատման յանձնաժողովի յաջորդ նիստը՝ Մոսկուայի մէջ

Սահմանազատման յանձնաժողովի յաջորդ  նիստը՝ Մոսկուայի մէջ

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման յանձնաժողովներու երկրորդ հանդիպումը յաջորդ շաբաթ Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենայ: Այս մասին  յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքօն:

Ինչպէս արդէն տեղեկացուցած ենք, երկու երկիրներու միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման շրջանակներուն մէջ, համապատասխան յանձնարարականներու հիման վրայ, Մայիս 24-ին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջպետական սահմանին տեղի ունեցած է Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւի առաջին հանդիպումը` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմաններու անվտանգութեան եւ պետական սահմանի սահմանազատման հարցերով յանձնաժողովներու համատեղ աշխատանքի ձեւաչափով:

Կողմերը եւս մէկ անգամ հաստատած են իրենց պատրաստակամութիւնը` սահմաններու սահմանազատման եւ այլ համապատասխան հարցերու, այդ շարքին` սահմանային անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովներու շրջանակներուն մէջ աշխատելու համար:

Կողմերը քննարկած են յանձնաժողովներու համատեղ գործունէութեան կազմակերպչական եւ ընթացակարգային հարցեր: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է երկրորդ հանդիպումը կայացնել Մոսկուայի, իսկ երրորդը` Պրիւքսէլի մէջ: