Վրաստանի իշխող կուսակցութեան` «Վրացական երազանք»ի առաջնորդ Իրաքլի Քուախիձէի համոզմամբ` նախկին նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլիի բանտին մէջ գտնուիլը ձեռնտու է թէ՛ Թիֆլիսին, թէ՛ Քիեւին:
«Սահակաշվիլիի ազատ արձակումը աւելորդ գլխացաւանք պիտի ըլլայ թէ՛ Վրաստանի, թէ՛ Ուքրանիոյ համար, որու քաղաքացին է ան», յայտնած է Քոպախիձէն` յաւելելով. «Նպատակայարմար է, որ նախկին նախագահը գտնուի անազատութեան մէջ»:
Քոպախիձէն այս մասին նշած է` մեկնաբանելով Սահակաշվիլիի` դատարանի դահլիճին մէջ հնչեցուզած յայտարարութիւնները: Նախկին նախագահը կոչ ըրած էր իր կողմնակիցներուն՝ փողոց դուրս գալու եւ տապալելու Վրաստանի գործող իշխանութիւնները` «ռուսամէտ դիրքորոշման եւ Ուքրանիոյ ոչ-բաւարար աջակցութիւն ցուցաբերելու համար»: