Ռուսիոյ «Հասարակական կարծիքի հիմնադրամի» կայացուցած վերջին հարցման արդիւնքներով ռուսաստանցիներու մեծամասնութիւնը (77%) կը վստահի ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինին, 80%-ն ալ դրական կը գնահատէ անոր աշխատանքը։
Հոկտեմբեր 27-29-ը Ռուսիոյ 104 քաղաքային ու գիւղական բնակավայրերու մէջ իրականացուած հարցման արդիւնքներն այսօր հրապարակուած են։
Այսպէս, ըստ հրապարակուած տուեալներու, «Լա՞ւ կ՚աշխատի արդեօք Վլատիմիր Փուտթինը՝ ՌԴ նախագահի պաշտօնին» հարցին 80 տոկոսը պատասխանած է՝ «Այո», 9 տոկոսը նշած է, որ վատ կ՚աշխատի, 10 տոկոսն ալ դժուարացած է պատասխանել։
Հարցման մասնակիցներու 77 տոկոսը նշած է, որ կը վստահի Փութինին՝ որպէս ՌԴ նախագահ։ 13 տոկոսը նշած է, որ աւելի շատ՝ չի վստահիր, 10 տոկոսն ալ նշած է, որ կը դժուարանայ պատասխանել հարցին։