Վրաստանի նախկին նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլին կը գտնուի Ուաշինկթըն, որ Վրաստանի հարցը կարեւոր դարձնէ նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ անոր արտաքին քաղաքական խումբի համար: Ան կ՚օգտագործէ անձնական կապերը այս հարցերը տեղ հասցնելու համար:
Ինչպէս գրած է The Hill-ը, Զուրապիշվիլին Թրամփի հետ դեմառդէմ խօսած է դեկտեմբերին Փարիզի մէջ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի միջնորդութեամբ կազմակերպուած կարճ հանդիպման մասին:
Զուրապիշվիլիի ուղերձն այն է, որ ԱՄՆ-ն չի կրնար տարածաշրջանը զիջիլ Ռուսիոյ:
«Ես հնարաւորութիւն ունեցայ անոր ասելու, որ սա ռազմավարական տարածաշրջան է, որու մասին ԱՄՆ-ն չի կրնար մոռնալ: Կարելի չէ թոյլ տալ, որ այս տարածաշրջանն անցնի Ռուսիոյ: Սա մենք պէտք է լաւ հասկնանք... Ես կ՚ակնկալոեմ, որ Ամերիկան ներգրաւուած պիտի ըլլայ այս տարածաշրջանին մէջ, քանի որ հակառակ պարագային տարածաշրջանը պիտի երթայ դէպի Ռուսիա, Չինաստան», -ըսած է Զուրապիշվիլին:
Ան նկատած է, որ Թրամփի նոր վարչակազմը ակնյայտօրէն այլ մօտեցում ունի։
«Բայց հզօր Ամերիկայի մօտեցումը, կը նշանակէ, որ անոնք պէտք է անհանգստանան, թէ ինչ տեղի պիտի ունենայ Կովկասի եւ այդ տարածաշրջանին մէջ: Եթէ նոյնիսկ ժողովրդավարութիւնը որպէս այդպիսին առաջնահերթութիւն չըլլայ, աշխարհաքաղաքականութիւնը պէտք է առաջնահերթութիւնը ըլլայ»,- նշած է ան։