Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ մտադիր է Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ լծակներ տալ բանակցութիւններու համար՝ Fox News-ի հետ հարցազրոյցին ըսած է խաղաղութեան հարցերով Միացեալ Նահանգներու յատուկ բանագնաց Քիթ Քելոկ։
Ան նշած է, որ Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութեան դադրեցումը կը բխի բոլորի, նաեւ՝ ԱՄՆ-ի շահերէն։ Ան շեշտած է, որ հրադադարը եւ մշտական խաղաղութիւնը կարելի է ձեռք բերել ոչ թէ տարիներու, այլ ամիսներու ընթացքին:
Աւելի վաղ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած էր, որ Ռուսիոյ հետ «շատ լուրջ» քննարկումներու մէջ է Ուքրանիոյ հակամարտութիւնը դադրեցնելու վերաբերեալ։ Ան խոստացած էր, որ պիտի խօսի Վլատիմիր Փութինի հետ եւ, հնարաւոր է, «ինչ որ նշանակալի բանի հասնի»։