image

Ռուսիոյ դէմ պատիժները կը շարունակուին

Ռուսիոյ դէմ  պատիժները կը շարունակուին

«Մեծն եօթնեակի» (G7) երկիրներու տնտեսութեան նախարարներն ու կեդրոնական դրամատան ղեկավարները Ճապոնի Նիքատա քաղաքին մէջ աւարտած են եռօրեայ բանակցութիւնները ու հանդէս եկած են Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներ սահմանելու համատեղ յայտարարութեամբ, որ կ՚ըսէ. «Մենք կը վերահաստատենք մեր անդրդուելի վճռականութիւնը՝ պատժամիջոցներ եւ այլ տնտեսական միջոցներ կիրառելու եւ իրականացնելու ՝ Ռուսաստանի հնարաւորութիւնները ալ աւելի տկարացնելու համար։ Մենք հաւատարիմ կը մնանք, պատժամիջոցներու շրջանցման եւ անկէ խուսափելու ուղղուած բոլոր փորձերը դիմակայելու որոշումին»։