Մարտ 11-ին ողբերգական դէպք տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ։ Ժամը 09։15-ի սահմաններուն ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան համայնքային ոստիկանութեան գլխաւոր վարչութեան Մաշտոցի բաժին տեղեկութիւն ստացուած է, որ նոյն օրը՝ ժամը 08։20-ի սահմաններուն, Երեւանի թաղամասերէն մէկէն մահացած վիճակի մէջ «Արմենիա» բժշկական կեդրոնի ծննդատուն տեղափոխուած է 40 օրական երեխայի դի։
Այս մասին յայտնած է SHAMSHYAN.com-ը:
Ինչպէս յայտնած է ֆոթոլրագրող Գագիկ Շամշեանը, հիւանդանոց մեկնած է Մաշտոցի բաժնի ոստիկանութիւնը, որ պարզած է, որ մահացածը Երեւանի թաղամասերէն մէկու բնակիչ 40 օրական Դաւիթ․ Մ․-ն էր։
Դէպքի փաստով քննչական բաժնէն ներս սպանութիւն յատկանիշներով նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ, նշանակուած է դատաբժշկական փորձաքննութիւն։