image

Կայացած է Արեւմտեան Թեմի Հոգեւորականաց համագումարը

 Կայացած է Արեւմտեան Թեմի Հոգեւորականաց համագումարը

 Օրերս Լոս Անճըլըսի մէջ կայացած է    հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Կիլիկեան Աթոռի  ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի  Հոգեւորականաց համագումարը։ 

Ստորեւ տարածուած հաղորդագրութիւնը՝ 

 

Երեքշաբթի, 25 Փետրուար 2025-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, նախագահեց Ս. Ղեւոնդեանց տօնին առիթով կազմակերպուած Թեմի Հոգեւորականաց համագումարին, որ տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահը:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ժողովական քահանաներուն ուշադրութեան յանձնեց՝ ներկայ պայմաններու ընձեռած կարելիութիւններու հիմամբ աւելի եւս ամրապնդել ծուխերու եւ ժողովուրդի միջեւ ջերմ յարաբերութիւնն ու սերտ գործակցութիւնը: Այս մասին ծաւալեցաւ քննարկում, որուն ընթացքին եղան պարզաբանումներ,  մատնանշումներ եւ ներկայացուեցան ուսանելի օրինակներ:

Համագումարի ընթացքին նաեւ կարծիքներ փոխանակուեցան Մեծ Պահքի շրջանի ծիսական, աւանդական, հոգեւոր եւ ժողովրդային արարողութեանց կատարման ընթացքի մասին: Հուսկ, կայացաւ որոշում՝ ամսական դրութեամբ նման օգտաշատ  քննարկումներ կատարելու, յանուն Հոգեւոր հովիւ-ժողովուրդ կապի սերտացման եւ շրջաններու ու ծուխերու աւելի եւս զօրացման ու բարեզարդման: 

Յայտնենք, որ համագումարի աւարտին, Հոգեւոր Հայրեր իրենց սրտագին բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ Եպիսկոպոս ձեռնադրման 25-ամեակին առիթով (20 Փետրուար 2000), ապա վերապրեցան առիթին կապուած յուշեր, որոնք եզրափակուեցան Գեղամ Արքեպիսկոպոսի բարի խորհուրդներով եւ հայրական օրհնութիւններով: 

Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հատեց իր 25-ամեայ եպիսկոպոսական ծառայութիւնը խորհրդանշող քաղցրահամ կարկանդակը: