Ռուսաստանցիներու 79%-ը ցանկութիւն յայտնած է քուէարկելու Ռուսիոյ գործող նախագահ Վլատիմիր Փութինի օգտին, եթէ նախագահական ընտրութիւնները տեղի ունենան յաջորդ կիրակի։
Այս մասին վկայած են Հասարակական կարծիքի ուսումնասիրութեան համառուսաստանեան կեդրոնի հարցման արդիւնքները։
«Միւս թեկնածուներէն Վլատիսլաւ Տաւանքովի օգտին պատրաստ է քուէարկելու հարցուողներուն 4%-ը, Նիքոլայ Խարիթոնովի՝ 4%, Լէոնիտ Սլուցքիի օգտին՝ 2%-ը», - ըսուած է ուսումնասիրութեան մէջ։