image

Ռուսիան ուքրանական շարք մը քաղաքներու ուղղութեամբ արձակած է 597 ԱԹՍ

Ռուսիան ուքրանական շարք մը քաղաքներու ուղղութեամբ արձակած է  597 ԱԹՍ

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի յայտարարած է, թէ միայն Յուլիս 12-ի գիշերը Ռուսիոյ կողմէ ուքրաինական շարք մը քաղաքներու վրայ արձակուած է 26 թեւաւոր հրթիռ եւ 597 անօդաչու թռչող սարք՝ ընդգծելով, թէ Քիեւը կարիք ունի աւելի շատ օդային պաշտպանութեան։

«Այս գիշեր Ռուսիան հարուածներ տուաւ Խարքովի եւ Սումիի շրջաներէն դէպի Լուով եւ Պուքովինա։ Արձակուած է 26 թեւաւոր հրթիռ եւ 597 անօդաչու թռչող սարք, որոնց կէսէն աւելին «Շահետ» տեսակի էին։ Աւելի քան 20 հրթիռ եւ գրոհային անօդաչուներու ճնշող մեծամասնութիւնը չէզոքացուած է։ Շնորհակալութիւն մեր օդային պաշտպանութեան ուժերուն՝ այս արդիւնքին համար», – «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ ըսած է Զելենսքին։

Անոր խօսքով՝ հարուածներ հասցուած են քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու, ներառեալ բնակելի շէնքերու։ Ան աւելցուցած է, թէ այս պահուն Չեռնովցիի մէջ արձանագրուած է 2 զոհ, իսկ հրթիռակոծութենէն վիրաւորուած աւելի քան 20 մարդ կը ստանայ անհրաժեշտ բուժօգնութիւն։

«Ռուսիոյ օդային հարուածներու խտութիւնը կը պահանջէ արագ որոշումներ, եւ կարելի է այդ դանդաղեցնել անմիջական պատժամիջոցներով։ Մեզի անհրաժեշտ են խիստ երկրորդական պատժամիջոցներ բոլոր անոնց դէմ, որոնք կ՚օգնեն Ռուսիոյ անօդաչու թռչող սարքեր արտադրել եւ նաւթէն եկամուտ ստանալ։ Մեզի անհրաժեշտ է աւելի շատ օդային պաշտպանութիւն եւ ներդրումներ անօդաչուներու մէջ, որոնք արդէն արդիւնաւէտութիւն ցոյց կու տան», – աւելցուցած է Ուքրանիոյ նախագահը։

Յուլիս 12-ի գիշերը ռուսական ուժերը «կամիկաձէ» անօդաչուներով եւ թեւաւոր հրթիռներով յարձակում գործած են Ուքրանիոյ դէմ։ Յարձակման թիրախ եղած են Չեռնովցին, Լուովը եւ Լուցքը։