Մոսկուան ատրպէյճանական կողմին հետ կը քննարկէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղապահներու գտնուելու հետ կապուած բոլոր հարցերը:
Այս մասին ՌԻԱ Նովոսթիին տուած հարցազրոյցին յայտնած Է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց փոխ նախարար Միխայիլ Կալուզին:
Ան յիշեցուցած է, որ «ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը տեղակայուած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ՝ Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու 2020 թուականի 9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան համաձայն»:
Անոր խօսքով՝ այդ փաստաթուղթը ոչ ոք չեղարկած է, եւ այնտեղ նախատեսուած է, որ խաղաղապահները տարածաշրջան մնան 5 տարի, այսինքն՝ մինչեւ 2025 թուականի նոյեմբեր՝ հետագայ երկարաձգման հնարաւորութեամբ:
«Ի հարկէ, իրավիճակն արմատապէս փոխուեցաւ, երբ Հայաստանի ղեկավարութիւնը որոշեց Ղարաբաղը ճանչնալ Ատրպէյճանի կազմի մէջ, ինչն ամրագրուեցաւ Եւրոպական Միութեան հովանիի ներքոյ կատարուած գագաթնաժողովներուն՝ սկսած 2022 թուականի հոկտեմբերին Փրակայի մէջ կայացած հանդիպումէն», - նշած է Կալուզին։
Այժմ Ռուսիան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղապահներու գտնուելու հետ կապուած բոլոր հարցերը կը քննարկէ բացառապէս ատրպէյճանական կողմին հետ: Կալուզինի խօսքով՝ այդ տեղի կ'ունենայ փոխադարձ յարգանքի եւ կառուցողական մթնոլորտի մէջ։