image

Ռուսիա վերադարձաւ «Հացահատիկի գործարք»ին

Ռուսիա վերադարձաւ «Հացահատիկի գործարք»ին

Ռուսիա վերսկսած է իր մասնակցութիւնը Իսթանպուլի պարէնային (հացահատիկային) գործարքին, քանի որ Ուքրանիայէն ստացած է բաւարար երաշխիքներ։ Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

«Մասնաւորապէս, ուքրանական կողմը պաշտօնապէս հաւաստիացուցած է, որ «ծովային մարդասիրական միջանցքը պիտի օգտագործուի միայն Սեւծովեան նախաձեռնութեան» դրոյթներուն համապատասխան»,-ըսուած է մամուլի հաղորդագրութեան մէջ:

Քիեւը ՄԱԿ-ի եւ Թուրքիոյ աջակցութեամբ 1 նոյեմբերին գրաւոր երաշխիքներ ուղարկած է Համատեղ համակարգող կեդրոն, որ Սեւ ծովուն մէջ հացահատիկի միջանցքը եւ ուքրանական նաւահանգիստները պիտի չօգտագործուին Ռուսիոյ Դաշնութեան դէմ մարտական գործողութիւններու համար:

Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը յիշեցուցած է, որ Մոսկուան դադրեցուցած է իր մասնակցութիւնը համաձայնագրին՝ 29 հոկտեմբերին, երբ Ուքրանիոյ կողմէ ահաբեկչութիւն կազմակերպուած էր Սեւծովեան նաւատորմի նաւերու եւ քաղաքացիական նաւերու դէմ, որոնք կը մասնակցէին «հացահատիկային միջանցքի» անվտանգութեան ապահովման: