image

Իրանի մէջ համացանցը վերադարձաւ 

Իրանի մէջ համացանցը վերադարձաւ 

Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան հրահանգած է վերացնել երկրին մէջ համացանցի հասանելիութեան սահմանափակումները։ Այս մասին հաղորդած է Tasnim գործակալութիւնը՝ յղում կատարելով Իրանի կապի նախարարութեան աղբիւրին։

Աղբիւրին համաձայն՝ նախագահի հրահանգը՝ «համացանցի հասանելիութիւնը վերադարձնելու այն վիճակին», որ գոյութիւն ունէր 2025 թուականի դեկտեմբեր ամսուան վերջաւորութեան եւ 2026 թուականի յունուարի սկիզբը, որոշ ժամանակ առաջ ուղարկուած է կապի նախարարութիւն։

«NetBlocks» վերահսկողութեան միջազգային ծառայութեան տուեալներով՝ Իրանի տարածքին մէջ համացանցի հասանելիութիւնը գրեթէ ամբողջութեամբ կը բացակայի աւելի քան 86 օր։