image
Հրատապ լուրեր:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը վերադարձաւ Անթիլիասի Մայրավանք

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը վերադարձաւ Անթիլիասի Մայրավանք

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դիւանէն վերահասու կը դառնանք Վեհափառ Հայրապետի Անթիլիասի Սուրբ Աթոռ վերադառնալուն  մասին։

Ստորեւ տրուած հաղորդումը՝

Շուրջ մէկ ու կէս ամսուան վրայ տարածուած հովուապետական այցելութեան աւարտին, այսօր՝ Շաբաթ, 22 Նոյեմբեր 2025-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը վերադարձաւ Անթիլիասի Մայրավանք։

Վեհափառ Հայրապետին հովուապետական երկար այցելութիւնը ընդգրկեց Գանատայի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ու Արեւելեան հայոց թեմերը։

Cilicia TV-ն հետեւեցաւ Նորին Սրբութեան այցելութիւններուն ու հանդիպումներուն, ինչպէս նաեւ անոր գահակալութեան 30 ամեակին առիթով տեղի ունեցած հանդիսութիւններուն։ Յառաջիկայ օրերուն Cilicia TV-ն դարձեալ պիտի անդրադառնայ Հայրապետին հովուապետական այցելութեան գլխաւոր երեսներուն։

Արամ Ա. Կաթողիկոս իր սիրոյ ու գնահատանքի պատգամը շուտով պիտի յղէ վերոյիշեալ թեմերու մեր ժողովուրդի զաւակներուն։