image

Ռուսաստանը պաշտօնապէս դուրս եկաւ «Բաց երկինքի մասին» պայմանագրէն

Ռուսաստանը պաշտօնապէս դուրս եկաւ «Բաց երկինքի մասին» պայմանագրէն

Ռուսաստանի Դաշնութիւնը այսօր՝ Դեկտեմբեր 18-ին, պաշտոնապէս լքեց «Բաց երկինքի մասին» պայմանագրի մասնակից երկիրներու խումբը՝ կասեցնելով համաձայնագրով նախատեսուած իր պարտաւորութիւններու կատարումը:

Պայմանագիրը, որուն Մոսկուան միացած է մօտ 20 տարի առաջ, երկար ժամանակ կարեւոր դեր խաղցած է անվտանգութեան ոլորտին մէջ վստահութեան ամրապնդման, քանի որ անոր մասնակիցներուն իրաւունք տուած է թռչիլ միմեանց տարածքներով՝ դիտարկելու ռազմական գործողութիւնները։ Ե՛ւ Ռուսաստանի Դաշնութեան, ե՛ւ անոր արեւմտեան գործընկերներու փորձերը՝ համոզելու ամերիկացիները վերադառնալ «Բաց երկինքի մասին» պայմանագրի իրականացման, յաջողութեամբ չեն պսակուած:

Յիշեցնենք, որ ԱՄՆ-ը վերոնշեալ պայմանագրէն դուրս եկած էր 2020 թուականի Նոյեմբերին: Արդիւնքով Յունիս 18-ին ուժի մէջ մտած է Ռուսաստանի կողմէ համաձայնագիրը չեղեալ յայտարարելու մասին օրէնքը։ Փաստաթուղթին համաձայն՝ Ռուսաստանի Դաշնութիւնը դուրս կու գայ համաձայնագրէն մնացած մասնակից երկիրներուն ծանուցումը ուղարկելէ ուղիղ վեց ամիս անց։