image

Ռուսաստանի դէմ տնտեսական պատժամիջոցները 6 ամիսով կ'երկարաձգուին

Ռուսաստանի դէմ տնտեսական պատժամիջոցները 6 ամիսով կ'երկարաձգուին

ԵՄ 27 երկիրներու ղեկավարները, Պրիւքսէլի մէջ կայացած գագաթաժողովին, միաձայն որոշած են վեց ամիսով երկարաձգել Ռուսաստանի դէմ տնտեսական պատժամիջոցները։ Այդ մասին յայտարարած է Եւրոպական խորհուրդի ղեկավար Շարլ Միշէլը։

«Մենք կոչ կ'ընենք Ռուսաստանին կատարելու գործարքի իր մասը եւ Մինսքի պայմանաւորուածութիւնները», ըսած է Միշէլը:

Ան նաեւ յայտնած է, որ Ուքրանիոյ դէմ յարձակման պարագային Ռուսաստանը պիտի բախի «լայնածաւալ հետեւանքներու եւ այդ յարձակման համար բարձր գինի»:

2014 թուականին Եւրոմիութիւնը պատժամիջոցներ սահմանեց Ռուսաստանի դէմ՝ կապուած Խրիմի հետ: Անկէ յետոյ քանի անգամ անոնք ընդլայնուած եւ երկարացուած են։

Առանց վիզայի կարգի եւ համագործակցութեան նոր հիմնական համաձայնագրի շուրջ բանակցութիւնները կասեցուած են, արգիլուած է Ռուսաստանի շարք մը պաշտօնեաներու մուտքը ԵՄ երկիրներ, իսկ անոնց հաշիւները սառեցուած են։ Ներդրուած են նաեւ առեւտրային, ֆինանսական եւ ռազմական բնոյթի սահմանափակող միջոցներ։

Ի պատասխան՝ Ռուսաստանը արգելք դրած է ԵՄ երկիրներէն շարք մը պարենային ապրանքներու ներմուծման վրայ։