image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսական միջնորդութեամբ հանդիպած են Արցախի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչները

Ռուսական միջնորդութեամբ  հանդիպած են Արցախի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչները

Լաչինի միջանցքով մեքենաներու անխոչընդոտ անցումը վերականգնելու եւ միջանցքի նպատակային օգտագործման փաստը հաստատելու հարցը քննարկուած է այսօր՝ 1 մարտին, Ատրպէյճանի Հանրապետութեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներու եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարի եռակողմ հանդիպման:

Այս մասին «Արցախփրէս» լրատուական գործակալութեան  տեղեկացուցած են Արցախի մէջ տեղակայուած խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութիւնէն։

Կողմերը քննարկած են նաեւ ելեկտրամատակարարման եւ կազի անխափան մատակարարման հարցերը։

Բացի այդ, հանդիպման ծիրին մէջ քննարկուած է Տրմպոնի եւ Քաշենի հանքավայրերու մէջ ատրպէյճանական կողմի ներկայացուցիչներու կողմէն շրջակայ միջավայրի մշտադիտարկման հնարաւորութիւնը։ 

Պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուած են հետագայ համագործակցութեան վերաբերեալ՝ լարուածութեան նուազեցման եւ տարածաշրջանի խաղաղ կեանքի հաստատման ուղղութեամբ։