Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն յայտարարած է, որ ռուս խաղաղապահներու գործողութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ օգնած են խուսափիլ աւելի շատ զոհերէ։
«Շնորհակալ եմ մեր տղաներուն՝ ռուս խաղաղապահներուն, իրենց անձնուրաց եւ մասնագիտական գործողութիւններու համար, որոնք օգնեցին խուսափիլ աւելի շատ զոհերէն», -ըսած է Շոյկուն՝ պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավարութեան հետ հանդիպման ժամանակ։