image

Իսրայէլի Պաշտպանութեան նախարարը ասպարէզ կը կարդայ Իրանին

Իսրայէլի Պաշտպանութեան նախարարը ասպարէզ կը կարդայ Իրանին

Եմէնի «Անսար Ալլահ» շարժման հուսի ապստամբներու յարձակումներն Իսրայէլի տարածքի վրայ ծանր հետեւանքներ պիտի ունենան անոնց եւ Իրանի համար: Այս նախազգուշացումն ըրած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քացը։

«Եթէ հուսիները շարունակեն հարուածել մեզ, ապա Իսրայէլը անոնց լուրջ հարուածներ պիտի հասցնէ։ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը պատրաստ է ամէն առաքելութեան: Ես նաեւ կը զգուշացնեմ Իրանի ղեկավարութիւնը, որ կը ֆինանսաւորէ, կը զինէ եւ կը վերահսկէ հուսիներու ահաբեկչական կազմակերպութիւնը. փոխանորդութեան կառավարման համակարգն աւարտած է, եւ «չարիքի առանցքը» փլուզած է, դուք (Իրանի ղեկավարութիւնը-Խմբ.) անմիջական պատասխանատւութիւն կը կրէք (հուսիներու յարձակումներու համար-Խմբ.)։ Այն, ինչ մենք Պէյրութի մէջ ըրինք «Հըզպալլա»-ի, Կազայի մէջ՝ «Համաս»-ի, Դամասկոսի մէջ՝ (Սուրիոյ նախկին նախագահ Պաշշար) Ասատի եւ Եմէնի մէջ հուսիներու հետ, նույնը կ՚ընենք ձեզի հետ  Թեհրանի մէջ»,- գրած է Քացը X-ի էջին:

«Մենք ոչ մէկուն թոյլ կու տանք վնաս հասցնել Իսրայէլին, իսկ ով մեզի վնասէ, մեծ կորուստներ կ՚ունենայ»,- շարունակած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավարը։

Ան աւելցուցած է, որ հրէական պետութիւնը «կրնայ ինքնուրոյն պաշտպանուիլ որեւէ սպառնալիքէ եւ որեւէ թշնամիէ»։

«Այդ ճիշդ եղած է անցեալին՝ բազմաթիւ մարտահրաւէրներու լոյսին տակ, եւ այդպէս ալ պիտի մնայ ապագային», - եզրափակած է Քացը: