Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը պատասխանած է Պաքուի մէջ ռուսական «Իսքանտարի» «ցուցադրման» առնչուող լրագրողներու հարցին:
Մեկնաբանելով այն հարցը, թէ Մոսկուային արդեօք չե՞ն անհանգստացներ ատրպէյճանական մամուլի մէջ հնչած քօղարկուած մեղադրանքներն այն մասին, որ «Իսքանտարն» իբր արձակուած է ռուսական ռազմակայանի տարածքէն, դեսպանը նշած է. «Գիտէք, մեղադրանքները կրնան տարբեր ըլլալ: Վարժուած ենք, որ տարբեր քաղաքական շրջանակներ, տարբեր գործիչներ կ'արտայայտեն այս կամ ենթադրութիւնը, այս կամ այն մեղադրանքը: Բայց ես կը կարծեմ, որ կայ պաշտօնական դիրքորոշում, որ բաւականին յստակ է, եւ այդ ուղղութեամբ պէտք է կողմնորոշուիլ»:
Աւելի վաղ ատրպէյճանական լրատուամիջոցները յայտնած էին, որ Պաքուի մէջ Ատրպէյճանի ականազերծման գործակալութեան ներկայացուցիչները «Ազերլանտշաֆտ» ԲԲԸ տարածքին մէջ ցուցադրած էին «Իսքանտար» հրթիռի բեկորները:
Բեկորները իբր գտնուած էին Շուշիի մէջ, 15 մարտին տարածքը ականներէ եւ չպայթած ռազմամթերքէ մաքրելու գործողութեան ժամանակ:
ՌԴ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը յայտարարած էր, որ տեղեակ չէ՝ պաշտպանութեան նախարարութենէն զեկոյց ներկայացուա՞ծ է պետութեան ղեկավարին այն մասին, որ ատրպէյճանցի զինուորականները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իբր «Իսքանտար» հրթիռի բեկորներ յայտնաբերած են:
«Ո՛չ, որքանով կը հասկնամ՝ սա նոր տեղեկութիւն է»,- ըսած էր ան:
Ընդ որում՝ Փեսքովը յիշեցուցած էր, որ «Իսքանտար» հրթիռները չեն կիրառուած 2020 թուականի աշնան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հակամարտութեան ժամանակ: «Սա (չկիրառելը) հաստատուած է»,- ըսած էր ան: Ան աւելցուցած էր, որ Քրեմլի «տրամադրութեան տակ տեղեկութիւններ չկան», թէ ուրկէ յայտնուած են բեկորները, որոնք իբր յայտնաբերած է ատրպէյճանական կողմը: