image

ՀՀ-ի մէջ Եգիպտոսի նախկին դեսպանը պարգեւատրուած է ԱԳ նախարարութեան երկրորդ աստիճանի Պատուոյ մետալով

ՀՀ-ի մէջ Եգիպտոսի նախկին դեսպանը պարգեւատրուած է ԱԳ նախարարութեան երկրորդ աստիճանի Պատուոյ մետալով

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ զարգացման գործին մէջ ներդրած աւանդի համար Հայաստանի մէջ Եգիպտոսի նախկին դեսպան Սերենատ Կամիլը ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հրամանով պարգեւատրուած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան երկրորդ աստիճանի Պատուոյ մետալով։

Այս մասին յայտնած է Եգիպտոսի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը։

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի անունով պետական պարգեւը յանձնած է Եգիպտոսի մէջ ՀՀ դեսպան Արմէն Սարգսեանը՝ յունուար 22-ին Եգիպտոսի մէջ ՀՀ դեսպանութեան մէջ կայացած հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին։

Արարողութեան յաջորդած զրոյցի ընթացքին Սերենատ Կամիլն անդրադարձած է Հայաստանի մէջ ծաւալած իր դիւանագիտական առաքելութեան, իրականացուցած ծրագիրներուն, դրուատանքով եւ խոր յարգանքով խօսած է Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան գործունէութեան եւ հայ ժողովուրդի մասին՝ երախտագիտութիւն յայտնելով գնահատանքի եւ կառավարական պարգեւի արժանանալու համար։

ՀՀ դեսպան Արմէն Սարգսեան իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնած է դեսպան Սերենատ Կամիլին հայ-եգիպտական երկկողմ համագործակցութեան հետագայ խորացման եւ առաջմղման ոլորտի մէջ գործադրած ջանքերու համար՝ շեշտելով հանդիպումներու եւ անձնական բնոյթի կապերու պահպանման եւ շարունակականութեան ապահովման կարեւորութիւնը։