Ատրպէյճանի յաջորդ նպատակը Սիւնիքն է։ Այս մասին ըսած է ռուս պատմաբան Մոտեսթ Քոլերովը։
«Սիւնիքի միակցման միջոցները կրնան տարբեր ըլլալ։ Մինչ վերջին իրադարձութիւնները Սիւնիքի բնակչութիւնն արդէն 43 հազարէն նուազած էր 7 հազարի։ Այժմ այնտեղ շարք մը փախստականներ տեղաւորուած են: Բայց անոնք կը բնակին տարբեր վայրերու մէջ, ուստի շրջանին անմարդացում-ամայացում կը սպառնայ»,- նշած է ան։
Ըստ Քոլերովի՝ անմարդացում ալ ինքնին կ'ըլլայ միակցման միջոցը։
Ինչ կը վերաբերի Պաքուի յայտարարութիւններուն, թէ իրենք պատրաստ են կապ հաստատելու Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ նաեւ Իրանի միջոցով, ապա, ըստ պատմաբանի, այդ կապն արդէն կը կառուցուի։
Սիւնիքի առնչութեամբ խօսքը յստակ վերահսկողութեան մասին է՝ անկախ անոր պաշտօնական կարգավիճակէն, պարզաբանած է Քոլերովը։
«Իրանով անցնող միջանցքն ամէն պարագայի պիտի կառուցուի, բայց այդ պիտի ունենայ տեխնիկական բնոյթ։ Իսկ Պաքուն ու Անգարան կը փորձեն ուղիղ ճանապարհ կառուցել Սիւնիքով»,- ընդգծած է պատմաբանը։
Անկլաւները, չնայած իրենց կարեւորութեան, այնուամենայնիւ, մանր, անսկզբունքային, տեխնիկական հարց են, եւ ոչ ոք ատոնց շուրջ կը սակարկէ։
«Հայաստանն այժմ այն վիճակի մէջ չէ, որ անոր հետ սակարկեն։ Անոր հետ ոչ ոք կը սակարկէ»,-աւելցուցած է ան:
Ինչ կը վերաբերի Ռուսիոյ, ապա այն գիտէ Կովկասի մէջ իր պատասխանատւութեան տարածքը, ռուս խաղաղապահներու ներկայութիւնը կը կրճատուի, անոնք պիտի երթան։
«Անդրկովկասի մէջ Ռուսիոյ պատասխանատւութեան տարածքը կը սահմանափակուի Ապխազիայով եւ Հարաւային Օսիայով»,- ըսած է Քոլերովը։
Ըստ պատմաբանի, Իրանի ուշադրութիւնը Կովկասի նկատմամբ չի թոյլնար՝ հակառակ Միջին Արեւելքի իրավիճակին։ «Իրանի հիւսիսային սահմանի խնդիրը կը մնայ ամբողջութեամբ անոր իրաւասութեան ներքոյ, եւ ոչ մէկ Ֆրանսա կրնայ ինչ որ բանով օգնել», - եզրափակած է ան։
Աղբիւրը՝ NEWS.am