Ռուսաստանի Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութեան միջազգային ականազերծման կեդրոնի մասնագէտները շարունակած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ականազերծման եւ պայթելու վտանգ ներկայացնող իրերու յայտնաբերման ու վնասազերծման աշխատանքները: «Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ` այս մասին յայտնած է ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքը:
Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահի 2020 թուականի 10 նոյեմբերի հրամանագրով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղակայուած է ռուս խաղաղապահներու զօրակազմը: Զօրակազմի հիմքը կը կազմէ Կեդրոնական ռազմական շրջանի 15-րդ առանձին մոթոհրաձգային զօրախումբը։ Խաղաղապահներու հրամանատարն է զօրավար-լեյտենանտ Ռուստամ Մուրատովը։