«Թուրքիան պիտի շարունակէ աջակցիլ տարածաշրջանային խաղաղութեանն ու Ատրպէյճան-Հայաստան կարգաւորման». յայտարարած է Թուրքիոյ փոխնախագահ Ճեւտեթ Եըլմազը։ Համապատասխան գրառումը պաշտօնեան ըրած է նախագահական նստավայրին մէջ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերով՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նախարարներու միջեւ հանդիպման արդիւնքներով։
Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի հայ-ատրպէյճանական համաձայնութիւնները Եըլմազը պատմական քայլ համարած է՝ նշելով որ «այն աւելի մեծցուցած է յոյսերը Հարաւային Կովկասի խաղաղութեան եւ կայունութեան հարցով»։
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը սեպտեմբեր 2-ին լրագողներու հետ զրոյցին նոյնպէս կարեւորած էր օգոստոս 8-ին Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցած հայ-ատրպէյճանական համաձայնութիւնները, նշելով, որ ատոնք արագցուցած են խաղաղութեան գործընթացը։ Էրտողանի գնահատմամբ՝ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ղեկավարները ներկայիս «նոյն կերպ կը նային խաղաղութեան գործընթացին»։