image

Ռուս գործիչը կ՚աղօթէ Պաքուի մէջ բանտարկուած հայ գործիչներուն համար

Ռուս գործիչը կ՚աղօթէ Պաքուի մէջ բանտարկուած հայ գործիչներուն համար

«Կ'աղօթեմ Աստծոյ, որ գերութեան մէջ գտնուող Բակօ Սահակեանի, Արկադի Ղուկասեանի, Ռուբէն Վարդանեանի եւ միւսների հետ ոչինչ պատահի». այս մասին բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան Անկախութեան օրուան առիթով իր ուղերձին մէջ ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Պետդումայի Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) հարցերով յանձնաժողովի նախագահի առաջին տեղակալ Կոնսթանթին Զատուլին:

«Կ'աղօթեմ, որ անոնք հնարաւորին չափ շուտ վերադառնան իրենց ընտանիքները, վերադառնան Հայաստան, որովհետեւ դժուար թէ անոնք համաձայնին մնալ այն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, ուր այլեւս հայ չէ մնացած»,- գրած է ան։

Ան նշած է, որ իր պարտքը կը համարէ ցաւակցիլ հայրենիքը կորսնցուցած արցախցիներուն:

«Սա, անշուշտ, մեծ ողբերգութիւն է: Եւ անկախ անկէ, թէ ով ինչ կ'ըսէ այս մասին, ես վստահ եմ, որ մենք Ռուսիոյ մէջ չենք կրնար չյայտնել մեր համակրանքը, ինչպէս նաեւ ցանկութիւնը՝ օգնելու ձեզի այսօրուան իրավիճակին մէջ: Ես հիմա չեմ ուզեր խօսիլ քաղաքական խնդիրներու մասին, մեղաւորներու անուններ տալ, թէեւ անոնք, ի հարկէ, կան։ Ուղղակի կ'ուզեմ ըսել, որ նման պահուն ռուսերը, եթէ իսկապէս ռուս են, չեն կրնար չզգալ կարեկցելու եւ օգնելու ցանկութիւն մեր հաւատակիցներու՝ հայերու նկատմամբ: Անոնք ձգած են իրենց տուները, հարազատ վայրերը, եկեղեցիները, վանքերը եւ, ինչպէս գիտենք, շատ կարճ ժամանակի մէջ ստիպուած եղած են փախստական դառնալ»,- ընդգծած է պատգամաւորը։

Զատուլին վստահութիւն յայտնած է, որ ապագային պիտի գտնուին լուծումներ, որոնք թոյլ տան, առանց բռնութեան դիմելու, վերականգնելու արդարութիւնը եւ Արցախի բնիկ բնակիչները կրկին վերադարձնելու:

«Այս իմ ցանկութիւնն է։ Այս իմ յոյսն է»,- ընդգծած է պատգամաւորը։ 

Զատուլին նաեւ յոյս  յայտնած է, որ Ռուսիա գտնուող ոչ անտարբեր մարդիկ պէտք է համերաշխութիւն ցուցաբերեն տուժած մարդոց։