image

ՌԱԿ Նուիրեալներէն՝ Ալեքս Գալայճեանի կորուստը

ՌԱԿ Նուիրեալներէն՝ Ալեքս Գալայճեանի կորուստը

Օրերս Միացեալ Նահանգներու մէջ իր մահկանացուն կնքած է ՌԱԿ նուիրեալ եւ վեթերան գործիչներէն՝ Ալեքս Գալայճեան։

 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ ՌԱԿ պաշտօնաթերթ՝ «Պայքար»էն։

Աղբիւրը այս տխուր առթիւ հրապարակած է կարճ մահագրական մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝

Տխրութեամբ իմացանք նախկին սաղիմահայ կրթական մշակ ընկեր Ալեքս Գալայճեանի անսպասելի կորուստը, որ տեղի ունեցաւ Ապրիլ 28ին Ուուպըէրնի (Մեսեչուսէց) մէջ 79 տարեկանին: Ողբացեալը ծնած էր Երուսաղէմ Հոկտեմբեր 7, 1943ին: Ուսանած էր ծննդավայրի Ս. Թարգմանչաց ու ապա ՀԲԸՄի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ: Ալեքս պատրիարքարանի տպարանին հին ձեռագիրներու վերարտադրութեան եւ հրատարա- կութեան աշխատանքին նուիրուած էր: Եղիշէ Պատրիարքի օրով նշանակուեցաւ փոխ տեսուչ եւ սարկաւագ ձեռնադրուեցաւ:

1985ին կու գայ Ամերիկա եւ Ուոթըրթաունի մէջ կը պաշտօնավարէ ՀԲԸՄի կեդրոնէն ներս, ուր կը ծանօթանայ Անի Եթիմեանին ու կը կազմէ իր ընտանեկան բոյնը։ Այնուհետեւ 20 տարիներ կ'աշխատի ամերիկեան դրամատան մը մէջ:

Լայն ծանօթութիւններու տէր էր ան ազգային կեանքին մէջ եւ հայերէն լեզու կը դասաւանդէր Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ դպրոցէն ներս: Կը կատարէր թարգմանական աշխատանք հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով:

«Պայքար» կը վշտակցի այրիին` Անիին, զաւակին` Նարեկին եւ հարազատներուն: Յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Մայիս 2ին եւ մարմինը ամփոփուեցաւ Ուոթըրթաունի Ռիճլոն գերեզմանատան մէջ: