Հայ աւանդական երկու կուսակցութիւնները ՝ ՌԱԿ եւ ՍԴՀԿ-ն պիտի չմասնակցին այս գարնան կայացուելիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Այս մասին այսօր յայտարարած են երկու կուսակցութեանց գլխաւոր պատասխանատուները: «Մենք երէկուայ մեր նիստում որոշեցինք, որ այս ընտրութիւնները բաց ենք թողնում, չենք մասնակցում» ըսած է ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Յակոբ Աւետիքեան: Իսկ ՍԴՀԿ Հայաստանի Վարիչ Մարմնի Ատենապետ Նարեկ Գալստեան յայտնելէ ետք, որ իրենք եւս այս հանգրուանին նպատակայարմար չեն գտներ մասնակցիլ յառաջիկայ ընտրութեան յաւելած է, որ կուսակցութիւնը պիտի մասնակցի Երեւանի աւագանիի ընտրութեանց: Իր կարգին ՀՅԴ նախընտրական շտապի պետ Աղուան Վարդանեան ներկայացուցած է կուսակցութեան կողմէ առաջադրուելիք թեկնածուներու ցուցակը: Այս առումով ՀՅԴ-ն առաջադրած է թեկնածուներու անուններ եւ այդ համամասնական ցուցակը պիտի գլխաւորէ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան: