Պաղեստինի կրթութեան նախարարութիւնը Կազայի հատուածի դէմ 2023-ի հոկտեմբերէն Իսրայէլի կողմէ մեկնարկած ռազմական գործողութիւններէն ի վեր առաջին անգամ յայտարարած է նոր ուսումնական տարուան մեկնարկի մասին։
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է Asharq News-ը։
Նախարարութիւնը Կազա քաղաքի «Ալ-Նասր» դպրոցին մէջ հրաւիրած էր մամուլի ասուլիս, որուն ներկայ գտնուած են մեծ թիւով աշակերտներ։
Ըստ գերատեսչութեան յայտարարութեան՝ նոր ուսումնական տարին պիտի սկսի՝ հակառակ պատերազմի պատճառած զանգուածային աւերածութիւններուն եւ միջոցներու ու հնարաւորութիւններու մեծ սղութեան:
«Մենք լիովին կը գիտակցինք մեր աշակերտներու եւ ուսուցիչներու առջեւ ծառացած դժուարութիւնները, սակայն կը հաստատենք մեր լիակատար յանձնառութիւնը՝ ապահովելու մեր բոլոր երեխաներու կրթութեան իրաւունքը՝ դասընթացները կազմակերպելով թէ՛ դեռ կանգուն, թէ՛ վերանորոգուած ու վերազինուած, թէ՛ այլընտրանքային դպրոցներու ու կրթական կէտերու մէջ, որոնք բացուած են տարբեր շրջաններու մէջ», - նշուած է յայտարարութեան մէջ։
Բացի այդ, նշուած է, որ ջանքեր պիտի գործադրուին՝ շարունակելու հեռավար ուսուցումը առցանց հարթակներու միջոցով այն աշակերտներու համար, որոնք չեն կրնար յաճախել դպրոց:
Տեղեկութիւններու համաձայն՝ Կազայի դպրոցներու աւելի քան 85%-ը վնասուած կամ աւերուած են իսրայէլեան ռմբակոծութիւններու հետեւանքով։
Իսրայէլը պաղեստինեան անկլաւին մէջ ռազմական գործողութիւններ սկսած էր՝ ի պատասխան հոկտեմբեր 7-ին «Համաս»-ի զինեալներու ներխուժման, որու հետեւանքով զոհուած էր շուրջ 1200 մարդ, 250 մարդ գերեվարուած էր։
Քաթարի, Եգիպտոսի եւ Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ կողմերու միջեւ հաստատուած է հրադադար, որն ուժի մէջ մտած է յունուար 19-էն։