image

Քոոփմանը Պաքուի մէջ քննարկած է Եւրոմիութիւն-Ատրպէյճան համագործակցութիւնը

Քոոփմանը Պաքուի մէջ քննարկած է Եւրոմիութիւն-Ատրպէյճան համագործակցութիւնը

Եւրոպական յանձնաժողովի հարեւանութեան եւ ընդլայնման բանակցութիւններու հարցերով ընդհանուր տնօրէն Խերթ Եան Քոոփմանը ժամանած է Ատրպէյճան՝ քննարկելու Եւրոմիութիւն-Պաքու համագործակցութիւնը ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան համաժողովի շրջածիրէն ներս, ականազերծման եւ այլ հարցեր:

«Այցը սկսած եմ Ատրպէյճանի նախագահի խորհրդական Հիքմեթ Հաճիեւի եւ պաշտպանութեան փոխնախարար Ռզաեւի հետ արդիւնաւէտ հանդիպումներով:

Սա կարեւոր հնարաւորութիւն է՝ ձեւաւորելու դրական օրակարգ կանաչ ուժանիւթի, տարածաշրջանային փոխգործակցութեան եւ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան ուղղութեամբ»,- X-ի իր էջին գրած է Քոոփմանը:

Աւելի վաղ ան այցելած էր նաեւ Վրաստան, ուր հանդիպած էր նախագահ Զուրապիշվիլիի, վարչապետ Քոպախիձէի եւ արտաքին գործոց նախարար Տարչիաշվիլիի հետ: Այցի աւարտին Քոոփմանը յայտարարած է, թէ «Օտարերկրեայ ազդեցութեան թափանցիկութեան մասին» օրէնքն անընդունելի է եւ կը խաթարէ վրաստանի եւրոհամարկման: Ան նաեւ ըսած է, թէ Վրաստանը կը յապաղի Եւրոմիութեան 9 հրահանգը կատարելու համար: Սակայն դեռ ժամանակ կայ։