image

«Քորոնա»ն հասաւ Հայաստան

«Քորոնա»ն հասաւ Հայաստան

«Քորոնա» վարակը հասաւ  Հայաստան։

Այս մասին տեղեկութիւնը  հաղորդեց   ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, որ  նաեւ  նշեց,  որ  վարակակիր հիւանդը  ինք  անձամբ ներկայացած է առողջապահութեան մարմիններուն եւ այժմ կը գտնուի բժիշկներու ուշադրութեան կեդրոն։

Կը  նշուի, որ  վարակակիրը   Երեւան   ժամանած էր 28 փետրուարին իր կնոջ  հետ։

Վարչապետը նաեւ հաղորդած է, որ այդ օր Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանէն իրենց տուները մեկնած Թեհրան-Երեւան թռիչքին մաս կազմածները քննութեան պիտի ենթարկուին ու նաեւ պիտի մեկուսացուին։