«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ լիբանանահայ բժիշկ Րաֆֆի Ժիլյակոբեան
-Ձեր կարծիքով, ինչո՞ւ «Քորոնա»ն այսպէս փոթորկեցաւ Լիբանանի մէջ եւ անցաւ բոլոր կարմիր գիծերը, պատճառելով մեծ տագնապ՝ առողջապահական ոլորտին մէջ, զոհեր եւ մտահոգիչ իրավիճակ:
Շատ պարզ, հասարակ իրականութիւն մը կայ, որ Լիբանանի ժողովուրդը սկզբնական շրջանէն ի վեր լրջօրէն չէր մօտենար «Քորոնա»ին, չէին պահպանէր ընկերային հեռաւորութեան, դիմակ կրելու եւ այլ կանոններ։ Գալով կառավարութեան կողմէն ձեռք առնուած միջոցառումներուն եւ նկատի ունենալով, որ երկիրը նիւթական եւ քաղաքական առումով ճգնաժամային իրավիճակի մէջ է, նոր տարուան շեմին՝ 2020 դեկտեմբերի սկիզբէն յայտարարուեցաւ, որ նոր տարուայ օրերուն բոլոր տեսակի ժամանցի վայրերը՝ ճաշարաններ, գիշերային ակումբներ, գարեջրատուներ, բոլորը պիտի գործեն եւ նաեւ կոչ եղաւ արաբական երկիրներու ժողովուրդին որ գան եւ Նոր տարին Լիբանանի մէջ նշեն:
Անշուշտ այս մօտեցումները ծանր կերպով ազդեցին, ժողովուրդը այդ օրերուն սկսաւ անկաշկանդ, առանց դիմակի քով քովի գալ՝ համախմբումներու ձեւով, պարեր, ճաշարաններ յաճախեցին, եւ ամենասխալ բանը՝ նարկիլայի (կլկլակի) սպասառկումէ օգտուեցան, եւ այս բոլորը շատ լուրջ աստիճանի հասցուց «Քորոնա»ի վիճակը, որպէս համաճարակ:
-Օրերս Լիբանանի մէջ ընթացք առին պատուաստումի գործընթացները, ժողովուրդը ի՞նչ ոգիով կը շարժի, ի՞նչ են ընդհանուր տրամադրութիւնները պատուաստին հետ կապուած, մտավախութիւններ, կասկածներ կա՞ն:
Պատուաստի հետ կապուած, նախ ըսեմ որ Լիբանանը ուշ սկսաւ այս գործընթացը, Լիբանանի յարակից երկիրները՝ Արաբական էմիրութիւններու երկիրները՝ Քուէյթ, Քաթար, Տուպայ (ԱՄԷ), բաւական առաջ արդէն սկսած էին պատուաստումները: Ինչ կը վերաբերի պատուաստին առնչուող Լիբանանի ժողովուրդի մօտեցումին, ինչպէս բոլոր երկիրներուն մէջ, մեր մօտ ալ, մարդիկ որոշ մտահոգութիւններ ունին, մանաւանդ պատուաստի նոր՝ Messenger RNA ձեւի վերաբերեալ, որուն մասին համացանցէն, ընկերային կայքերէն տարբեր տեղեկութիւններ կարդացած կամ լսած են, ուստի մաս մը կայ որ ձեռնպահ է, չուզեր պատուաստուիլ, մաս մըն ալ՝ կ'ուզէ, կ'երեւի թէ կէսով կէս է տոկոսը: Բայց ես կը խորհիմ, որ ճշմարտութեան դիմաց գտնուելու պարագային, անոնք որոնք կամ ու կացի մէջ են, իրենք ալ կը քաջալերուին պատուաստուելու:
Վերջաւորութեան կարեւոր է, որ ամբողջ աշխարհի ժողովուրդին 70-75 տոկոսը վարակուած կամ պատուաստուած ըլլայ, որպէսզի կարելի ըլլայ այս համաճարակի խնդիրէն ազատիլ:
-Դուք որպէս բժիշկ, ի՞նչ կարծիք ունիք պատուաստին մասին, մասնագիտական հայեացքով եթէ նայիք՝ պատուաստումի ենթարկուիլը ճի՞շդ է, եւ առհասարակ ի՞նչ կը մտածէք պատուաստի մասին:
Որպէս մասնագէտ, բժիշկ, ըսեմ, որ պատուաստումները անհրաժեշտ են: Այսօրուայ դրութեամբ ահագին հիւանդութիւններ կան, որոնցմէ մարդկութիւնը պատուաստման միջոցով է որ ձերբազատուեցաւ եւ բաւական մեծ թիւով մարդիկ փրկուեցան, ուստի մենք չենք կրնար ըսել, որ պատուաստումները վատ կամ սխալ են: Իսկ «Քորոնա»ի պատուաստին վերաբերեալ, անպայման պէտք է պատուաստուիլ, որովհետեւ, ինչպէս նշեցի, միայն երբ աշխարհի բնակչութեան 70 տոկոսը պատուաստուած կամ վարակուած ըլլայ, կարելի կը դառնայ յաղթահարել համաճարակը. ասիկա herd immunity (խմբային ախտամերժութիւն կամ անվարակելիութիւն) կը կոչուի, երբ մարդոց մէջ այնպիսի «իմունըթի» (դիմադրողականութիւն) մը կ'առաջանայ, որ կը կասեցնէ ժահրի փոխանցումը մէկ անձէն երկրորդ անձին, եւ այդպիսով ժահրի տարածուելու տոկոսը կը սկսի նուազիլ եւ կը ձերբազատուինք «Քորոնա»ի համաճարակի չարիքէն:
-Շատեր կ'ըսեն, որ «Քորոնա»ն պարզապէս սկիզբն է այս համավարակային իրավիճակին, կա՞յ այդպիսի բան: Դուք ընդհանրապէս ի՞նչ ընթերցումներ կատարած էք այդ առիթով, ի՞նչ մտավախութիւններ ունիք:
Իմ կարծիքով, կը խորհիմ, թէ աշխարհի մէջ կան որոշ խմբաւորումներ, մասնաւորապէս Ամերիկայի, Եւրոպայի մէջ, որոնք դէմ են 5G անունով յայտնի հոսանքին, եւ այս խումբերուն համար «Քորոնա»ն, այսպէս ըսած, հինգերորդ սերունդի հետեւանք է: Ըստ իրենց, 5G-ն տարբեր վնասներ պիտի յառաջացնէ մարդկութեան մէջ, որուն միջոցներէն մէկն ալ այս պատուաստը պիտի ըլլայ: Ասոնք բոլորը տեսութիւններ են, որոնք կրնան ե՛ւ ճիշդ ըլլալ, ե՛ւ՝ սխալ, բայց քաղաքական գետնի վրայ եւս բաւական ընդդիմադիր եւ կողմնակից թեւեր կան այս մտքին հետ, թէ՝ «Քորոնա»ն պարզապէս սկիզբն էր եւ ասկէ վերջ աւելի դժուար, աւելի ծանր օրեր պիտի գան:
Մէկ մէջբերում ալ ընեմ, մենք, որպէս բժիշկներ, մասնագէտներ, վարակաբաններ, մենք նոյնիսկ տակաւին չենք կրնար յստակ պատասխաններ տալ «Քորոնա»ի մասին: Վարակուածներու մօտ, ամէն մէկուն մօտ տարբեր երեւոյթներ կրնան առաջանալ, ուրեմն սա տակաւին շատ նոր վիճակ է, նոր հիւանդութիւն մըն է, տարատեսակ ախտանշաններ ցոյց կու տայ, եւ մենք տակաւին չենք հասկնար ինչու եւ ինչպէս կը կատարուի: Օրինակ՝ կ'ըսուէր, թէ ընդհանրապէս մեծահասակները կը վարակուին եւ անոնք, որոնց դիմադրողականութիւնը աւելի տկար է, սակայն վերջերս սկսանք ականատես ըլլալ մեծ թիւով երիտասարդներու քով ալ «Քորոնա»ի դէպքերու, նոյնիսկ մահացութեան ելքերով:
Եզրակացնելով՝ «Քորոնա»ի հետ առնչուող բոլոր իրադարձութիւնները տակաւին շատ մշակումներու եւ ուսումնասիրութիւններու կարիք ունին: