image

Քրտական PKK-ի Դէմ Կատաղի Մարտերը Կը Շարունակուին Թուրքիոյ Մէջ

Քրտական PKK-ի Դէմ Կատաղի Մարտերը Կը Շարունակուին Թուրքիոյ Մէջ

Մարտին- («Տէյլի Սապահ»- Պոլիս)-Թուրքիա-  Ուրբաթ օր PKK-ի 8 անդամներ անձնատուր կ'ըլլան եւ առնուազն 15-ը կը սպաննուին Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեան Մարտին գաւառին մէջ: Այս դէպքի մասին կը տեղեկանանք «Տէյլի Սապահ»էն: Ըստ աղբիւրին,  սպաննութիւնը տեղի ունեցած է «Նուսայպին»ի  շրջանի գաւառներէն ներս Թուրքիոյ անվտանգութեա ուժերու իրականացուցած գործողութեան ընթացքին, որոնք Նոյեմբերի 31-ին պարէտային ժամ յայտարարումէն ի վեր կը շարունակէին PKK-ի դէմ իրենց հետապնդումները: Անվտանգութեան ուժերուն յանձնուող PKK-ի  8 քիւրտ մարտիկներէն մէկը Շըրնաք նահանգէն է, միւսը՝ Հաքքարէն, իսկ երրորդը՝ Շանլըուրֆաէն :

Նոյն աղբիւրէն կը տեղեկանանք նաեւ, որ նշեալ  շրջաններու բնակչութիւնը կը տառապի ելեկտրական հոսանքի անջատման եւ ջուրի  կրճատումներու տագնապէ, որ սկսած էր պատճառուած վնասի մէջ PKK-ի դէմ եղած կասկածանքի պատճառով:

 Թուրքիոյ մէջ PKK-ի դէմ վերանորոգուած բռնութիւնը կու գայ  որպէս արդիւնք Յուլիս 20-ի Սուրուջի մէջ գործադրուած անձնասպանական պայթումին, որ մեծ քանակութեամբ զոհեր արձանագրեց, եւ որու մէջ մեղադրուեցաւ Տահէշը, ինչպէս նաեւ  PKK-կողմէ երկու ոստիկաններու` իրենց տուներէն ներս սպաննութեամբ, եւ այս ամէնը բռնութիւններու նոր ալիքի մը սկիզբ տուաւ երկրին մէջ:

Թուրքական կառավարութիւնը, Յուլիս 22-էն սկսեալ,  որպէս արձագանք PKK-ի կողմէ իրականացուած այդ  յարձակումներուն, աշխուժացուցած է իր գործողութիւնները անոնց դէմ եւ սպաննած  2000-է աւելի (PKK)-ի անդամներ:

Ըստ «Տէյլի Սապահ»ի, (PKK)-ի քիւրտ զինեալները Թուրքիոյ դէմ ահաբեկչական յարձակումները վերսկսումէն ի վեր սպաննած է աւելի քան 120 անվտանգութեան աշխատակից եւ տասնեակ քաղաքացիներ, Յունիս 7-ի ընդհանուր ընտրութիւններէն ետք, նեցուկ կանգնելով Քրտամետ Ժողովուրդներու Դեմոկրատական Կուսակցութեանը (HDP), որ յաջողեցաւ ընտրութիւններու 10 տոկոսի շէմը անցնիլ:

PKK-ն, որ կազմուած օրէն (1978) մինչեւ 2000 թ.-ի սկիզբները  թրքական պետութեան դէմ քրտական անկախ պետութիւն ստեղծելու համար պայքարած, այնուհետեւ իր պահանջքը վերածած է գերազանցապէս քրտաբնակ գաւառներէն ներս ինքնավար մարզի ստեղծման,  ԱՄՆ-ի, Եւրոմիութեան եւ Թուրքիոյ կողմէ ընդունուած է, որպէս ահաբեկչական կազմակերպութիւն: