«Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութիւնը» յայտարարած է Թուրքիոյ հետ հրադադարի մասին, յայտնած են թրքական լրատուամիջոցները։
Նշուած է, որ որոշումն ընդունուած է այն բանէ ետք, երբ ցմահ ազատազրկման դատապարտուած PKK-ի առաջնորդ Ապտուլլա Օճալանը կոչ ըրած է կազմակերպութեան անդամներուն՝ վար դնելու զէնքը եւ դադրեցնելու Թուրքիոյ հետ զինուած առճակատումը։
Էրտողան ուրբաթ օր յայտարարած է, որ երկրին մէջ «նոր էջ բացուած է» առանց ահաբեկչութեան: