Յունուար 25-ին Հռոմի Սուրբ Պօղոս տաճարին մէջ նախագահութեամբ Նորին Սրբութիւն Պապ Լեւոն ԺԴ․ (XIV)-ի տեղի ունեցաւ Երեկոյեան ժամերգութիւն, որով ամփոփուեցաւ Քրիստոնեաներու միասնութեան համար աղօթքի շաբաթը՝ տարբեր Եկեղեցիներու եւ եկեղեցական համայնքներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն ներկայ էին Վատիկանի մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ՝ Տ․ Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեան, Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Տ․ Օշական եպիսկոպոս Կիւլկիւլեան, Հռոմի հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ՝ հայր Աթանաս Սարգսեան, ինչպէս նաեւ Զուիցերիայէն ժամանած եւ այնտեղ ուսանող Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի միաբաններ՝ հայր Մաղաքիա Տէր Մկրտչեան եւ հայր Մաշտոց Մխիթարեան։
Ժամերգութեան ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ Հայ Եկեղեցւոյ աւանդին։ Յիշեցնելով, որ այս տարուան աղօթքները պատրաստուած էին Հայաստանի Եկեղեցիներու կողմէ։ Պապը նշեց, որ ատոնք վկայութիւն են այն քրիստոնէական քաջ հաւատքի մասին, որ հայ ժողովուրդը դրսեւորած է իր պատմութեան ընթացքին․ պատմութիւն մը, ուր նահատակութիւնը մշտական յատկանիշ եղած է։
Սրբազան Քահանայապետը հաւատացեալներուն կոչ ըրաւ հայեացք ուղղել Հայ Եկեղեցւոյ ԺԲ․ (XII) դարու Կաթողիկոս Սուրբ Ներսէս Շնորհալիին՝ յիշատակելով անոր որպէս միասնութեան անխոնջ գործիչ։ Պապի խօսքով՝ Սուրբ Ներսէս Շնորհալին խորապէս կը գիտակցէր, որ Եկեղեցւոյ միասնութեան որոնումը կը վերաբերի ողջ հաւատացեալ ժողովուրդին եւ կը ներառէ նաեւ յիշողութեան բժշկումը, որ կոչուած է «անցեալի վէրքերը փոխակերպել հաշտութեան ճանապարհներու»։
«Սուրբ Ներսէս կրնայ մեզ ուսուցանել նաեւ այն վերաբերմունքը, որ պէտք է ունենանք մեր միասնութեան ճանապարհին, ինչպէս կը յիշեցնէր իմ երանաշնորհ նախորդ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ․-ը․ «Քրիստոնեաները պէտք է ունենան ներքին խոր համոզմունք, որ միասնութիւնը անհրաժեշտ է ոչ թէ որեւէ ռազմավարական առաւելութեան կամ քաղաքական շահի համար, այլ՝ Աւետարանի քարոզութեան բուն նպատակի համար» (Քարոզ՝ միջեկեղեցական արարողութիւն, Երեւան, 26 Սեպտեմբերի 2001)։
Իր խօսքի յաջորդ հատուածի մէջ Սրբազան Քահանայապետը յիշեցուց, որ հայերը որպէս առաջին քրիստոնեայ ազգ շատ կանուխ ընդունած են Աւետարանը՝ Փրկութեան Խօսքի անվախ քարոզիչներու շնորհիւ։ Այդ երկիրէն հաւատքը տարածուեցաւ Արեւելք եւ Արեւմուտք՝ դառնալով միասնութեան եւ խաղաղութեան սերմ։ Այս համատեքստին մէջ Պապը կոչ ըրաւ աղօթել, որպէսզի Աւետարանը շարունակէ Եւրոպայի եւ ողջ աշխարհի մէջ պտուղ տայ միասնութեան, արդարութեան եւ սրբութեան մէջ՝ ի նպաստ ժողովուրդներու եւ ազգերու խաղաղութեան։
Արարողութեան ընթացքին Պապը յատուկ ողջոյն յղեց Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան ներկայացուցիչ մետրոպոլիտ Պոլիկարպոսին, Վատիկանի մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ՝ Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեանին, ինչպէս նաեւ Վատիկանի Քենթերբերիի արքեպիսկոպոսի ներկայացուցիչ եպիսկոպոս՝ Էնթոնի Պոլին։
