Քիւրտիստան ապրող հայերը կողմ են «Այո՛, Քիւրտիստանի անկախութեան» բանաձեւին եւ անոնք այսօր մասնակցած են ընթացող հանրաքուէին: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Իրպիլի իր աղբիւրէն, որ նաեւ փոխանցեց, որ Քիւրտիստանի տարբեր քաղաքներուն մէջ գտնուող հայորդիներ առաւօտեան կանուխ ժամերէն մասնակցած են հանրաքուէին: Ըստ մեր աղբիւրին հայկական տարբեր թաղամասերու մէջ քրտերէնով պատրաստուած պաստառներու կողքին, նոյնպէս բարձրացուած են հայատառ պաստառներ, որոնց վրայ գրուած է «Այո՛ Քուրդիստանի Անխակութիւն»ը խօսքը:
Յիշեցնենք, որ հակառակ շրջանին մէջ ազդեցիկ դեր ունեցող երկիրներու կողմէ հնչած յայտարարութիւններուն, Իրպիլի կառավարութիւնը անդրդուելի մնաց իր որոշումին մէջ եւ մինչեւ այս լուրին գրուիլը այս առաւօտ ընթացք առած հանրաքուէն կը շարունակուի: