ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն պաշտօնապէս յանձնարարած է 775 մլն տոլարի ռազմական օգնութեան նոր փաթեթ տրամադրել Ուքրանիոյ: Տեղեկութիւնը յայտնած է Սպիտակ տունը։
«Ես՝ որպէս ԱՄՆ-ի նախագահ, սոյնով կը լիազօրեմ պետական քարտուղարը 775 միլիոն տոլարով կրճատելու պաշտպանութեան նախարարութեան միջոցները... Ուքրանիոյ օգնութիւն ցուցաբերելու նպատակով», - ըսուած է փաստաթուղթին մէջ, որ Սպիտակ տան ղեկավարն ուղարկած է ԱՄՆ-ի դիւանագիտական գերատեսչութեան ղեկավար Էնթընի Պլինքընին:
Երէկ Փենթակոնի ներկայացուցիչը յայտարարած է, որ ԱՄՆ-ն մտադիր է Կիեւին մատակարարել «Sky Eagle» հետախուզական անօդաչու թռչող սարքեր, «Javelin» հակաթանկային հրթիռային համալիրներ, «HIMARS» համազարկային կրակի համակարգերու զինամթերք, ինչպէս նաեւ այլ սպառազինութիւն:
Բացի այդ, Փենթակոնէն ըսած են, որ կ'ուսումնասիրեն Ուքրանիոյ սպառազինութեան նոր տարատեսակներ մատակարարելու հնարաւորութիւնները, որոնք թոյլ կու տան երկրի հարաւային եւ արեւելեան հատուածներուն մէջ փոխել մարտի դաշտի մէջ տիրող իրավիճակը։