ՀՀ կառավարութեան այս տարուան ծրագրերու շրջածիրէն ներս գործադիրի վերջին նիստին հաստատուած է մշակութային շարք մը կառոյցներու ամրակայման, նորոգման, վերականգնման եւ գիտանախագծային փաստաթուղթերու կազմման եւ փորձաքննութեան իրականացման փաթեթը, որ առաջարկուած է Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարութեան կողմէ:
Այդ նպատակով վերաբաշխում կատարուած է ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարութեան 2020 թուականի կրթութեան ոլորտի պիւտճէթային ծախսերուն եւ խնայուած միջոցներէն յատկացուած է շուրջ 422 միլիոն դրամ շարք մը յուշարձաններու բարեկարգման աշխատանքներուն:
Այդ որոշման շրջագիծէն ներս նախատեսուած է Հիւսիսային պողոտայի վրայ տեղադրել Արթօ Չաքմաքչեանի «Քալող մարդը» քանդակը:
Ըստ որոշման՝ Արթօ Չաքմաքչեանի «Քալող մարդը» քանդակի պատրաստման եւ տեղադրման աշխատանքներուն համար նախատեսուած է աւելի քան 37 միլիոն դրամ «Դրամաշնորհներ պետական եւ համայնքային ոչ առեւտրային կազմակերպութիւններուն» յօդուածով:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ