image

Քաղաքական Կայունութեան Յոյսերը Կը Բարձրացնեն Թրքական Լիրան

Քաղաքական Կայունութեան Յոյսերը Կը Բարձրացնեն   Թրքական Լիրան

Թուրքիա-(«Տէյլի Սապահ»-Պոլիս)- Ըստ «Տէյլի Սապահ»ին, Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները քաղաքական կայունութիւն թելադրելուն առընթեր, ներքին շուկաները շաբաթը սկսած  են  դրական միտումներով: «Արդարութիւն եւ Զարգացում» Կուսակցութիւնը AKP-ն, Կիրակի օրուան ընտրութիւններուն արդիւնքով, երբ 49.4%  ընտրաձայները շահելով վերստին դարձաւ առանձին ղեկավարող ուժ, Երկուշաբթի օր, եւ Պոլսոյ սակարանի  bist 100 ցուցանիշի արժէթուղթերը 5.35 տոկոսով բարձրացան  83.653 կէտերով,  թիւ մը, որ բարձրագոյնն էր 14 Յուլիսէն  ի վեր: Մինչ այդ Տողան եւ Իբէք խումբերուն բաժինները կտրականապէս անկում արձանագրեցին:Աճում կը սպասուի նաեւ bond and share շուկաներուն, օտար դրամանիշի դրական բարձրացումի ազդեցութեան տակ, որ վերջին երկու ու կէս ամիսներուն իջած էր  ամենացած մակարդակի: Վերլուծական ենթադրութիւնները կը հանգին այն եզրակացութեան, որ թրքական լիրայի բարձրացումը կրնայ շարունակուիլ քաղաքական անկայունացման վերացման հետ: Նշենք,  որ վերջին դէպքերուն հետեւանքով  Թրքական Լիրայի դիմաց  ամերիկեան Տոլարի արժէքը սկսած էր տատանիլ պատճառելով ոսկիի կրամի գինի անկում 36.03 տոլարի, 17 Օգոստոսէն ի վեր ամենացած աստիճանը, ընտրութիւններուն արդիւնքը յայտարարուելէն ետք թրքական լիրան բարձրացաւ Ասիական շուկաներուն մէջ: Մինչ տոկոսադրոյթի երկու տարուան  ուղենշային պարտատոմսերը տասը տոկոսով անկում արձանագրեցին: