image

Պուրճ Համուտ. Ծննդավայրէն անդին ...

 Պուրճ Համուտ.  Ծննդավայրէն  անդին ...

Այս տողերը գրեցի, պարզապէս ապրելու համար անոր վերյուշով, անոր  դէպի մեծ գաղափարները տանող եզերքներով ու «թաղի ծայր»երով, անոր խանութներով, անոր հմայքով, խորհուրդով ու մեծ նահատկներով։

 Նահատակներ ըսելուս պէս, պէտք է արդէն վերջակէտ մը նետեմ այս տողերուն ու լռեցնեմ  սրտիս մէջ բանտուած  Պուրճ Համուտի մեծ կարօտին  առագաստը։

Մարեմ լոյսերը գուցէ եւ  լսեմ Սարգիս Թօփալեանի «թրոմբէթ»էն դուրս  վազող երաժշտութեան խազերը։ 

 Գուցէ  իմ անգիր ըրած թաղերս նորէն  «չափչփեմ», վազեմ ու հասնիմ ընկերոջ մը ետեւէն. Գուցէ ձայնեմ, լսցընեմ ձայնը, որ մէջս է հիմա ...

 

Միայն  ծննդավայր ըլլալու ջերմ զգացումը չէ, որ մեզմէ շատերը կը կապէ Պուրճ Համուտին։

 Այլ  ուրիշ շունչ մը, ուրիշ ոգի մը ունի այդ քաղաքը, որուն ամէն մէկ անկիւնը ունի իւրայատուկ երանգ եւ բոյր։

 

 Պուրճ Համուտի մասին   գրած են ամենատարբեր մարդիկ։

 Գրած են սիրով ու կարօտով, գրած են եռանդով եւ հպարտութեամբ, գրած են «խորհրդաւոր» գիրով եւ տեղեկութիւններ հաւաքելու  սին յոյսերով... 

 Գրած են բարութեամբ, յաճախ ալ գրած են չարակութեամբ եւ նախանձով։ 

 

 Գրած են անցեալին համար,  ու գրած են  անոր վտանգուած ըլլալուն մասին։

 Տակաւին գրած են  սերունդներուն տալու իրենց իրաւունքը եւ սփիւռքին յիշեցնելու, որ այսօր   բարձագեղ  ու գեր արդիական  շէնքերու լուսաշող  սրահներուն մէջ ելոյթ ունեցողներէն շատ-շատերը, նոյնպէս   հաց կերած են այդ քաղաքէն։

  Յիշեցնելու համար, որ շատեր անցած են Պուրճ Համուտէն, անոր  թաց ու տամուկ մայթերէն, լսած են անոր երգերը, անոր «անտունի»ներու  բառերը, անոր ուշացած աղօթքները եւ անոր երկինքը «պահող» աղաւնիներու   կջկջոցները ...

 Պուրճ Համուտը երգ չէ միայն, բանաստեղծութիւն է, որուն տառերը չեն անցնիր, եւ որուն  աստիճանները կամաց-կամաց մեզի կը տանին   դէպի երեսուն-քառասուն եւ աւելի տարիներու կեանք ունեցող Լիբանանի հայութեան սրտին ու երակներուն։

 

 Այս տողերը գրեցի, պարզապէս ապրելու համար անոր վերյուշով, անոր  դէպի մեծ գաղափարները տանող եզերքներով ու «թաղի ծայր»երով, անոր խանութներով, անոր հմայքով, խորհուրդով ու մեծ նահատկներով։

 Նահատակներ ըսելուս պէս, պէտք է արդէն վերջակէտ մը նետեմ այս տողերուն ու լռեցնեմ  սրտիս մէջ բանտուած  Պուրճ Համուտի մեծ կարօտին  առագաստը։

Մարեմ լոյսերը գուցէ եւ  լսեմ Սարգիս Թօփալեանի «թրոմբէթ»էն դուրս  վազող երաժշտութեան խազերը։ 

 Գուցէ  իմ անգիր ըրած թաղերս նորէն  «չափչփեմ», վազեմ ու հասնիմ ընկերոջ մը ետեւէն. Գուցէ ձայնեմ, լսցընեմ ձայնը, որ մէջս է հիմա ...

 Այս բոլորին մէջ  ու այս բոլորին համար է Պուրճ Համուտը, որ երկար տարիներ,  մութին ու ցուրտին  նաւարկողը եղաւ  ամբողջ սփիւռքի մեծ ու փոքր նաւակներուն, եղաւ կայմը գաղափարին, եղաւ խարիսխը մեր ոգեղէն  արժէքներուն եւ եղաւ նաւանգիստը  արեւմտահայոց լեզուին ու աղօթքին։

  Սարգիս Թօփալեանին ի պատիւ գրեցի  այս տողերը, որուն աչքերուն մէջ,  ու շունչին մէջ,  որուն  ձայնին ու բարեւ տալու կամքին մէջ աշխարհ մը բարութիւն կը բնակի։

 Սարգիսը մէկն է անոնցմէ, որոնք իրենց կեանքը  մոռցած  սիրեցին տալ, նուագեցին,  սիրցուցին, սիրտ տուին, հոգի տուին սերունդներուն։

 Ինք յար եւ նման ձեզի ծանօթ կամ անծանօթ «խոնարհ հերոսներուն» այսօր ալ կը շարունակեն իրենց երգը «մանել»։

 Մէկն է այն հարիւրներէն, որոնք դեռ կառչած են այդ հողին, որուն մասին ձեզմէ շատ-շատեր, առանց թոյզն հաշուարկի ի՜նչեր կը   բամբասէք... 

 Սարգիսը մէկն է անոնցմէ, որոնք մեզի  ապրելու յոյս կու տան, որ Պուրճ Համուտը դեռ պիտի ապրի ու ապրեցնէ ...

 Սարգիսը խորհրդանիշ է ու  այդ խորհրդանիշը,  արժանի է մեծ յարգանքի։

 

 Սագօ Արեան 

 

Յ.Գ. Տեսանիւթը  իմ լաւ  բարեկամ Կարօ Տէրունեանի դիմատետրի էջէն։

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...