image
Հրատապ լուրեր:

Պորելի յայտարարութիւնը ափսոսանք կ'առաջացնէ. Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւն

Պորելի յայտարարութիւնը ափսոսանք կ'առաջացնէ. Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւն

Պաքուն բարձր կը գնահատէ Եւրոպական միութեան աջակցութիւնը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման, Հայաստանի հետ խաղաղութեան գործընթացի շուրջ բանակցութիւններուն, սակայն Պորելի յայտարարութիւնը ափսոսանք կ'առաջացնէ:

Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ արձագանգելով Եւրոպական միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորելի յայտարարութեան առ այն, որ «Ատրպէյճանի իշխանութիւններու պարտականութիւնն է երաշխաւորել անվտանգութիւնն ու ազատ տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով եւ Աղտամ (Ակնա) քաղաքով ապրանքներ տեղափոխելու Պաքուի պատրաստակամութիւնը պէտք չէ դիտարկուի որպէս Լաչինի միջանցքի վերաբացման այլընտրանք»:

«Պաքուն բարձր կը գնահատէ Եւրոպական միութեան աջակցութիւնը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման, Հայաստանի հետ խաղաղութեան գործընթացի շուրջ բանակցութիւններուն: Այնուամենայնիւ, ափսոսանք կ'առաջացնէ տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակի վերաբերեալ 26 յուլիսի յայտարարութեան մէջ Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորելի մօտեցումը, որ հիմնուած է հայկական կողմի «կեղծ քարոզչութեան եւ քաղաքական շահարկումներու» վրայ»,-ըսած է Ատրպէյճանի րտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Այխան Հաճիզատէն։