Պորելի մեղադրանքները «կը սպառնան Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան»:
Ինչպէս հաղորդած է ԱՊԱ-ն, այդ մասին ըսուած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ` ի պատասխան Եւրոմիութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորելի յայտարարութիւններուն:
«2023 թուականի նոյեմբեր 13-ին Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորելի՝ Պրիւքսէլի մէջ Արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդի նիստէն ետք կայացած մամուլի ասուլիսին Ատրպէյճանին ուղղուած մեղադրանքները միտումնաւոր կը խեղաթիւրեն իրողութիւնները։
Հայաստանին միջազգային իրաւունքի չափանիշերուն եւ սկզբունքներուն համապատասխան գործելու խրախուսման հարցով որեւէ քայլ չձեռնարկած Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչի մեղադրանքները վտանգ կը ներկայացնեն Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան համար»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։