image

Պորել Ուքրանիա կ'այցելէ

Պորել Ուքրանիա կ'այցելէ

Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքականութեան պատասխանատու Ժոզեփ Պորել Ուքրանիա կ'այցելէ՝ ի նշան Քիեւին աջակցութեան՝ երկրի սահմաններուն մօտ ռուսական ռազմական ուժի կուտակման պայմաններուն մէջ: Եռօրեայ այցը պիտի ներառէ այցելութիւն Ուքրանիոյ արեւելեան շփման գիծ:

Արեւմուտքը մտահոգուած է, որ Ռուսաստանի կողմէ Ուքրանիոյ սահմաններուն մօտ շուրջ 100 հազար զինուորականներու կուտակումը կրնայ հնարաւոր ներխուժման նախապատրաստութիւն ըլլալ։

ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի պաշտօնատարները Յունուար 9-10-ին Ժընեւի մէջ բանակցութիւններ պիտի վարեն ճգնաժամին շուրջ: Պայմանաւորուածութիւնը ձեռք բերուեցաւ, երբ Ռուսաստանը ԱՄՆ-էն ու ՆԱԹՕ-էն անվտանգութեան ամբողջական երաշխիքներ պահանջեց:

Այդ երկկողմ բանակցութիւններուն պիտի յաջորդեն Ռուսաստանի եւ ՆԱԹՕ-ի հանդիպումները, նաեւ առանձին քննարկումներ Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) շրջանակին մէջ։