image

Պորել լռած է, երբ խօսք եղած է Ատրպէյճանը պատժելու մասին

Պորել  լռած է, երբ խօսք  եղած է Ատրպէյճանը պատժելու մասին

Չէք կրնար ընդունիլ, որ բանակցութիւնները (Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու միջեւ - խմբ.) կ'ընթանան պայմաններուն մէջ՝ այն յանցագործութեան, որ սահմանած է Արդարադատութեան միջազգային դատարանը՝ յանցագործութեան ի պատասխան ոչինչ ընելով։ Նման հռետորական հարցով 13 յունիսին, Եւրոխորհրդարանէն ներս Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակման շուրջ ստեղծուած իրավիճակի քննարկման ժամանակ Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր Ֆրանսուա-Խավիէ Պելամին դիմած է Եւրոպական Միութեան դիւանագիտութեան ղեկավար Ժոզեփ Պորելին։ 

«Գոյութիւն ունի հիմնարար անարդարութեան իրավիճակ, որ այս բանավէճի հիմքն է՝ մեղաւորի եւ տուժողի միջեւ։ Մենք չենք կրնար այդ ընդունել։ Եթէ ​​մենք թոյլ տանք, որ այդ տեղի ունենայ, լաւ, մենք թոյլ կու տանք ամենատարբեր իրավիճակներ ամբողջ աշխարհի մէջ: Առաջին բանը, որ մենք պէտք է ընենք, Ատրպէյճանի դէմ յանցագործութեան համար պատժամիջոցներ սահմանելն է։ Որեւէ պատժամիջոց չէ առաջարկուած։ Կը կարծեմ, որ այդ կը հակասէ Եւրոմիութեան արժանապատւութեան»,-ըսած է Պելամին:

Ի պատասխան եւրոխորհրդարանականի ելոյթի՝ Ժոզեփ Պորելը հանած է ականջակալներն ու լռած։