Երկուշաբթի երեկոյեան Թուրքիան ցնցած ահաբեկչական պայթումը կատարողներուն մէջ եղած է չէչէն քաղաքացի մը: Այս մասին յայտնած է BBC Arabic կայանին Թուրքիոյ լրագրողը: Աղբիւրը նաեւ ըսած է, թէ այսօր առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ «Աթաթուրք» օդակայանը անցած է բնականոն աշխատանքի: «Ամէն ինչ բնական հունի մէջ է»,- ըսած է ան աւելցնելով, որ «Օդակայանին շուրջ եւ գլխաւոր մուտքի կէտերուն առջեւ զգալի է մեծ թիւով յատուկ ջոկատայիններու, ինչպէս նաեւ տեղական լրատուական կայաններու թղթակիցներուն մեծաթիւ ներկայութիւնը»: Նշենք, որ մինչեւ այս պահը պայթումին հետեւանքով զոհուածներու 41 անուն յայտարարուած է: Թուրքիոյ իշխանութիւնները պայթումը կատարելուն մէջ կը մեղադրեն «Իրաքի եւ Դամասկոսի Իսլամական պետութիւն»ը, որ նաեւ ճանչցուած է Տահէշ անուանումով: