image

Պոլսոյ մէջ. Յիշատակուեցաւ՝ Տօքթ. Մարտիրոս Ենիեորկան   

Պոլսոյ մէջ. Յիշատակուեցաւ՝ Տօքթ. Մարտիրոս Ենիեորկան   

Օրերս, Պոլսոյ մէջ մահացած Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի նախկին բժշկապետներէն, հանրայայտ բժիշկ, ազգային գործիչ՝ Տօքթ.Մարտիրոս Ենիկորկանի մահուան քառասունքին առթիւ այցելութիւն տրուած է Պալըքլըի գերեզմանատան մէջ անոր շիրիմին, նաեւ՝ Հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն կատարուած։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

2024ի վերջին ամսուայ կորուստներէն մէկն էր բժիշկ, համայնքային գործիչ, թերթիս աշխատակից Տօքթ. Մարտիրոս Ենիեորկան։

Ժամանակը արագօրէն կը թռի ու ահաւասիկ, Շաբաթ օր, 11 Յունուարի կէսօրին, Ողբ. Ենիեորկան ամոլի զաւակները՝ Լենա Ենիեորկան, Արան-Լենա Ենիեորկան, ընտանիքի բարեկամներն ու հարազատները հաւաքուեցան Պալըքլըի գերեզմանատան մէջ, ողբացեալի շիրմին մօտ։ Հոգեհանգստեան յատուկ կարգը կատարեցին Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեան եւ Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան՝ դպիրներու երգակցութեամբ։ Շիրմին շուրջ զետեղուեցան ծաղկեպսակներ ու ծաղիկներ։

Երէկ, 12 Յունուարին, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ եւս, Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ Հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն։