image

Պոլսոյ մէջ. Սահակ Բ. Պատրիարք մասնակցած է ԱՄՆ-ի անկախութեան տօնախմբութեան

Պոլսոյ մէջ. Սահակ Բ. Պատրիարք  մասնակցած է ԱՄՆ-ի անկախութեան տօնախմբութեան

Թուրքիոյ Հայոց Պատիրարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան մասնակցած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ազգային տօնին (4 յուլիս) առթիւ Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան։

Այս մասին «Արեւելք» կարդաց՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ ՝

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 5 Յունիս 2024, Չորեքշաբթի երեկոյ, ընկերակցութեամբ՝ Գաւազանակիր Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեանի, ներկայ գտնուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Անկախութեան տօնին առթիւ Իսթինիէյի Ամերիկեան Հիւպատոսարանի պարտէզին մէջ կայացած ընդունելութեան։

Ընդունելութեան ներկայ էին դիւանագիտական դէմքեր ու հոգեւոր առաջնորդներ։ Պատրիարք Հայրը յանուն համայնքիս, շնորհաւորեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Անգարայի մէջ Աւագ Դեսպան Ճէֆրի Լ. Ֆլէյքն ու Իսթանպուլի Աւագ Հիւպատոս Ժուլի Ատէնը։ Մեծայարգ դեսպանն ու հիւպատոսը շնորհակալութիւն յայտնեցին մեր Հոգեւոր Պետին, իր բերած ներկայութեան եւ բարեմաղթութեան համար։